image

Փաշինեանը պիտի հարցաքննուի. ՔԿ պաշտօնեան՝ զոհուած զինուորներու հարազատներուն

Փաշինեանը պիտի հարցաքննուի. ՔԿ պաշտօնեան՝ զոհուած զինուորներու հարազատներուն

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողները այսօր վաղ առաւօտէն ՀՀ Քննչական կոմիտէի դիմաց էին:

5 օր առաջ զինուորներուն ծնողները ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած էին,  դիմած էին ՀՀ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանին եւ հանդիպում պահանջած:  

ՀՀ Քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Վարդանեան ծնողներուն յայտնեց, որ Արգիշտի Քեարամեանի եւ ծնողներու միջեւ հանդիպումը այսօր չի կրնար կայանալ, քանի որ Քեարամեանը ներկայ չէ:

«Լրացուցիչ հանդիպման հետ կապուած օր, ժամ կը պայմանաւորուենք: ՔԿ-ում տեղեակ չէին, որ ծնողները պէտք է գային, դրա մասին իմացել են այն ժամանակ, երբ եկել էք այստեղ: Պարոն Քեարամեանը երբեք ոչ մի հանդիպում չի մերժել ծնողների հետ, հեռագայ հանդիպման համար կը պայմանաւորուենք ձեզ հետ», ըսաւ Ռաֆայէլ Վարդանեանը:

Ծնողներու հարցին, թէ պտի կատարուի՞ Փաշինեանի հարցաքննութիւն, թէ՞ ոչ, ՔԿ պաշտօնեան պատասխանեց․

«Այո՛, հարցաքննուելու է, դատախազի կողմից կայ ցուցում», յայտնեց ՔԿ պաշտօնեան: