Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այց Թուրքիա եւ մասնակցութիւն Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին չի քննարկուիր: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջոէ գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:
ՀՀ ԱԳՆ խօսնակի մեկնաբանութիւնը հետեւած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայի յայտարարութեան, թէ Նիկոլ Փաշինեան Մարտին պիտի այցելէ Թուրքիայ եւ պիտի մասնակցի Անթալիոյ ֆորումին: Դիւանագիտական այդ հանդիպման հրաւէրը ուղարկուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին եւ Թուրքիոյ հարցով բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանին:
«Թէեւ Ղարաբաղի ազատագրումը եւ գործընթացը, որուն մինչեւ վերջ կ'աջակցինք, կ'ընկալուի որպէս պատերազմ, իրականութեան մէջ խաղաղութեան բանալին է: Յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակուած են, փոխադարձ դրական ուղերձներ յղուած են: Մենք կը փափաքինք, որ գործընթացը արագանայ», ըսած է թուրք քաղաքական գործիչը: