ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Մեծ Բրիտանիոյ գաղտնի հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Ռիչարտ Մուրը:
Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ զրուցակիցները քննարկած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող թեմաներու: