image

Փաշինեան - Շառլ Միշել հեռախօսազրոյց

Փաշինեան - Շառլ Միշել հեռախօսազրոյց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։

Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական իրադրութեան շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեանն ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին մէջ ատրպէյճանական կողմի քայլերը միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներ իրականացնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղն ամբողջութեամբ հայաթափելու իր քաղաքականութեան հետեւողական իրագործման։ Վարչապետը շեշտած է Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը խարխլող գործողութիւններուն միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը եւ գործուն քայլերու ձեռնարկումը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճռի անվերապահ կատարման ուղղութեամբ:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացի շուրջ։

Կողմերը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը: