Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու հիմնարար սկզբունքներու ռուսական նախագիծի մօտեցումները ընդունելի են Երեւանի համար։ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ ան յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարը կ'աջակցի այս նախագիծին անդրադառնալու առաջարկներուն՝ որպէս հանդիպման յաջորդած հնարաւոր եռակողմ յայտարարութեան մաս։
«Եւս մէկ անգամ ուզում եմ ընդգծել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցում մեզ համար ընդունելի են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման հիմնարար սկզբունքների եւ պարամեթրերի ռուսական նախագծով առաջարկուած մօտեցումները», -ըսած է Փաշինեան:
Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանը յոյսով է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը յստակ դիրքորոշում կը յայտնէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներէն Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ:
Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերումը:
ՀՀ վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանը պատրաստ է որեւէ պահու ապաշրջափակելու Ատրպէյճանի հետ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները, սակայն Հայաստանի տարածքին մէջ հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ Երեւանի լիակատար վերահսկողութեան տակ:Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանային ծառայութիւնը պէտք է վերահսկէ վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւններու կատարումը, կարծիք յայտնած է Փաշինեան։
Ըստ Փաշինեանի՝ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկին պէտք է նախորդէ սահմանի անվտանգութեան ուժեղացումը: