image

Փաշինեան- Պլինքըն հեռախօսազրոյց. Թեման Ղարաբաղն էր

Փաշինեան- Պլինքըն հեռախօսազրոյց. Թեման Ղարաբաղն էր

Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ: Յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, ԼՂ հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան օրակարգի հետ կապուած հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի հեռանկարներուն, տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի օրակարգի հարցերուն: