Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն։
Վարչապետ Փաշինեանը Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցի ԻԻՀ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի եւ անոնց ուղեկցողներու յարգանքի տուրքի եւ ցաւակցութիւն յայտնելու պաշտօնական միջոցառման:
Նշենք, որ Իրանի նախագահի եւ միւս պաշտօնեաներու յիշատակի պաշտօնական արարողութեան Ատրպէյճանէն պիտի մասնակցի վարչապետ Ալի Ասատովը։
ԱՊԱ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ատրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ են նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, Միլի Մեճլիսի Իրան-Ատրպէյճան միջխորհրդարանական խումբի անդամները եւ այլ պաշտօնատար անձինք: