image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն իր դժգոհութիւնը յայտնած է «Զանգեզուրի միջանցք» խօսոյթի օգտագործման մասին

Փաշինեան ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն իր դժգոհութիւնը յայտնած է «Զանգեզուրի միջանցք» խօսոյթի օգտագործման  մասին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի Գլխավոր Ընդհանուր վերահժողովի 80-րդ նստաշրջանին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնական բանակցութիւններուն մէջ երբեւէ չէ կիրառուած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը։

Անոր խօսքով՝ նման ձեւակերպում չկայ նաեւ Ուաշինկթընի հռչակագրին կամ այլ համաձայնեցուած փաստաթուղթերու մէջ։

Փաշինեանն ընդգծած է, որ այդ խօսոյթը Հայաստանի մէջ կ՚ընկալուի որպէս տարածքային պահանջ եւ կը հակասէ խաղաղութեան օրակարգին։

Ան յիշեցուցած է, որ կողմերը Ուաշինկթընի մէջ յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են, որոնց հաւատարիմ մնալը կարելի չէ կասկածի տակ դնել։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահի «հողատւութեան» մասին յայտարարութիւններուն՝ Փաշինեանը զանոնք որակած է իրականութեան հետ կապ չունեցող յարձակողական ենթիմաստներ եւ աւելցուցած, որ ատոնք չեն կրնար շեղել խաղաղութեան պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղիէն։

Վարչապետը նաեւ նշած է, որ Հայաստանը զարգացող, անկախ ու ժողովրդավարական պետութիւն է, որ հարեւաններու նկատմամբ ատելութիւն չի տարածեր։ Ան կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան ի գիտութիւն ընդունիլ, որ «Զանգեզուրի միջանցք» խօսոյթը ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետ կապ չունի եւ կը հակասէ խաղաղութեան մթնոլորտին։