image

Փաշինեան կարեւորած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը

Փաշինեան կարեւորած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը

Թոքաեւի հետ հանդիպման անդրադարձած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հետ կապուած իրավիճակին:

Այս մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հետ համատեղ յայտարարութիւններու ժամանակ:

«Գործընկերոջս ներկայացրել եմ Ադրբեջանի հետ բանակցութիւնների վերջին զարգացումները, վերահաստատելով Հայաստանի կառավարութեան՝ տարածաշրջանում կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը, Հայաստանի եւ  Ադրբեջանի միջեւ արդէն իսկ համաձայնեցուած 3 սկղբունքների վրայ:

Անդրադարձել եմ ՀՀ կառավարութեան կողմից ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին, որի կեանքի կոչումը կարող է արմատապէս փոխել իրավիճակը տարածաշրջանում»,-ըսած է վարչապետը: