image

Փաշինեան Ջերմուկ այցելեց

Փաշինեան Ջերմուկ այցելեց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Վայոց ձորի մարզ: Այցը սկսած է Ջերմուկի եւ ՀՀ այլ քաղաքներու փոքր օդակայաններու գործարկման, օդագնացութեան զարգացման քննարկումներով: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրառում ըրած է Փաշինեան՝ կից հրապարակելով նաեւ տեսանիւթեր:

Այնուհետեւ Փաշինեան հետեւած է Ջերմուկի Եղնիկի արձան տանող 1.6 քմ. երկարութեամբ ճանապարհի եւ դիտահրապարակի  կառուցման աշխատանքներուն: 

Փաշինեանի հաղորդմամբ, ծրագրի արժէքն աւելի քան 232 միլիոն դրամ է, որ յատկացուցած է Կառավարութիւնը: Կ'ակնկալուի, որ դիտահրապարակը նպաստէ համայնքի զբօսաշրջութեան զարգացման: Շինարարական աշխատանքները կ'աւարտին 2025-ին: Արփա գետի կիրճի եւ Ջերմուկի խորհրդանիշ եղնիկի արձան տանող ճանապարհի շրջակայ ժայռերը եւս յատկացում ստացած ծրագիրով լուսաւորուած են:

Իր խօսքով Փաշինեան կարեւորած է նման վայրերու մէջ հասարակական նշանակութեան կառոյցներու առկայութիւնը: «Այստեղ ինչո՞ւ  սրճարան, ռեստորան (ճաշարան) կամ հիւրանոց չլինի»,-ըսաւծ է ան: