Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ 2-3 մարտին աշխատանքային այցով մեկնած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն:
Այցի ծիրին մէջ վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ: Բանակցութիւններու աւարտէն յետոյ ՀՀ վարչապետը եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետը պիտի հանդիպին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ ամփոփելու հանդիպման արդիւնքները:
2 մարտին, Նիկոլ Փաշինեան պիտի այցելէ Արտաքին յարաբերութիւններու գերմանական խորհուրդ։
3 մարտին նախատեսուած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ:
Այցի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան շարք մը այլ հանդիպումներ եւս: