image

Փաշինեան հանդիպած է նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մոհամմատ Մոհպերի հետ

Փաշինեան հանդիպած է նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մոհամմատ Մոհպերի հետ

Թեհրան գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մոհամմատ Մոհբերի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան իր եւ ՀՀ պատուիրակութեան անունով խոր ցաւակցութիւն յայտնած է Իրանի նախագահի պաշտօնակատարին, նախագահի տեղակալներուն, կառավարութեան անդամներուն եւ Իրանի ողջ ժողովուրդին:

Վարչապետն ընդգծած է, որ Իպրահիմ Ռայիսիի, Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի վախճանը ողբերգութիւն է, եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կը վշտակցին ու կը կիսեն բարեկամ Իրանի ողջ ժողովուրդի ցաւը:

Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ ոչ միայն գործընկերային, այլ նաեւ ջերմ բարեկամական կապեր ունէին, որ ինքնին կ՚արտացոլուէր Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու վրայ: Վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ նախանշուած ծրագրերը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու դրական միտումը կը շարունակուի:

Իրանի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը նշած է, որ ՀՀ վարչապետի ներկայութիւնը իրենց կը գօտեպնդէ եւ ուժ կու տայ այս դժուարին օրերուն: Անոր խօսքով`տեղի ունեցած աղէտը ցնցած է Իրանի ողջ ժողովուրդը եւ իրենք խորապէս կը գնահատեն, որ բարեկամական Հայաստանը այսօր կը կիսէ իրենց վիշտը:

Մոհամմատ Մոհպերը վստահեցուցած է, որ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ ՀՀ վարչապետի նախանշած բոլոր ծրագրերը, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման, պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: