Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Այդ մասին յայտնած է վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Պաղտասարեանը։
Անոր հաղորդմամբ՝ քննարկուած է Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Երկուստեք ընդգծուած է ուժի կիրառման անթոյլատրելիութիւնը եւ ապամագլցումին համար միջազգային մեխանիզմերու կիրառման անհրաժեշտութիւնը: