Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին: