image

Փաշինեան-Ալիեւ-Պլինքըն հանդիպման քննարկուած է խաղաղութեան պայմանագիրը

Փաշինեան-Ալիեւ-Պլինքըն հանդիպման քննարկուած է խաղաղութեան պայմանագիրը

18 փետրուարին, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի շուրջ աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային փոխադրային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ու երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման իրականացման` համաձայն Փրակայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան:

Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է հայկական կողմի նպատակամղուածութիւնը` հասնելու այնպիսի պայմանագրի ստորագրման, որ իսկապէս կ'երաշխաւորէ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման ու անոր հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջացած մարդասիրական, բնապահպանական եւ ուժանիւթի ճգնաժամի փաստը:

Կարեւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի շարունակականութեան ապահովումը: