Հրատապ լուրեր:

Փարիզի մէջ. Ֆրանսահայ արուեստագէտ Ժիրայր Տէր Յարութիւնեանի կորուստը

  Փարիզի մէջ. Ֆրանսահայ արուեստագէտ Ժիրայր Տէր Յարութիւնեանի  կորուստը

 Օրերս Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ արուեստագէտ Ժիրայր Տէր Յարութիւնեան։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

 

Հայ ազգին համար արդէն այս այլապէս դժուար ժամանակաշրջանին դժբախտաբար կ՚ընկերանայ համայնքիս տերեւաթափը։ 

Վերջին շրջանի իրերայաջորդ կորուստներէն ետք՝ հիմա ալ ցաւով կը տեղեկանանք, թէ Սեպտեմբեր 3-ին, 67 տարեկան հասակին, յետ անողոք հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է համայնքիս արժանաւոր անդամներէն՝ մանկավարժ, երաժշտագէտ, երաժիշտ (թառահար) եւ յօրինող Ժիրայր Տէր Յարութիւնեան։

Աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը (թառ) եւ Փարիզի Սորպոնի համալսարանը։ Դասաւանդած է Փարիզի ակադեմիային մէջ։ Միջազգային փառատօներու մրցանակակիր է։ Հեղինակ է շարք մը յօդուածներու։

Վերջերս, ընկերներով կազմած էր հայկական աւանդական երաժշտութիւնը որոշ արդիական շունչով հրամցնող Step&Chord խումբը, որուն անդրադարձած էինք մեր սիւնակներուն մէջ։