image
Հրատապ լուրեր:

Փարաքարի մէջ. Ինքնաշարժի մը մէջ պայթում եւ զոհ

Փարաքարի մէջ. Ինքնաշարժի մը մէջ պայթում եւ զոհ

Յունիս 23-ին, ժամը 11:07-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղի Գետափնեայ փողոցին մէջ տեղի ունեցած է ինքնաշարժի պայթում` հրդեհի բռնկմամբ:

Հրշէջ-փրկարարները մարած են Փարաքար գիւղի Գետափնեայ փողոցի տուներէն մէկուն դիմաց կայանուած ՎԱԶ 2121 մակնիշի ինքնաշարժին մէջ յառաջացած հրդեհը: 

Դէպքի վայրէն 1 հոգի ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխուած է Էջմիածնի բժշկական կեդրոն, ուր, սակայն, բժիշկները չեն յաջողած փրկել անոր կեանքը: