image

Փակուած է «Իխուաններ»ու կայանը Իսթանպուլի մէջ. Անգարա «ժեսթեր» կ՚ընէ Գահիրէին.

   Փակուած է «Իխուաններ»ու կայանը Իսթանպուլի մէջ. Անգարա  «ժեսթեր» կ՚ընէ Գահիրէին.

Ակներեւ է, որ Թուրքիա  սկսած է երեւելի «ժեսթեր» ընել  Եգիպտոսի համար եւ այս առումով  «ամենասպասելի» զարգացումը կրնայ համարուիլ Գահիրէի մէջ  նոր թուրք դեսպանի մը անուանումը, որ տեղի պիտի ունենայ ինը տարուան  դադարէ ետք։

 

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ գործող եգիպտական «Մքամլին» հեռատեսիլային կայանը փակած է իր կեդրոնն ու նկարահանման սրահները, յառաջիկային տարբեր մայրաքաղաքներէ սփռելու տեսլականով: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Մայատին» լրատուական գործակալութենէն:

Աղբիւրը նշած է, թէ «Մքամլին» կայանը, որ կը պատկանի «իսլամ եղբայրներ»  («Իխուան մուսլիմին») կազմակերպութեան, եւ կը սփռուի Գահիրէէն դուրս  օրերս իր թուիթըրեան էջով յայտարարութիւն տարածած է, թէ պիտի փակէ իր կեդրոնը Թուրքիոյ մէջ, նաեւ պիտի տեղափոխէ իր գործունէութիւնը Թուրքիայէն դուրս: 

Նշուած է, թէ աւելի վաղ թրքական իշխանութիւնները պահանջած էին «Մքամլին» կայանի պատասխանատուներէն դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ: 

Ի դէպ, լրատուական միջոցները նաեւ նշած են, որ մէկ տարի առաջ թրքական իշխանութիւնները պահանջած են «Մքամլին» եւ «Իսլամ եղբայրներ»ուն պատկան  այլ կայաններու վարչակազմներէն «վերահսկել իրենց խմբագրական քաղաքականութիւնը», Եգիպտոսի կառավարութեան հետ համաձայնութեան գալու փորձերու ծիրէն ներս ։

Ըստ աղբիւրին, վերջերս թրքական տեղեկութիւնները հաստատած են, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան որոշած է ՝ Սալէհ Մութլու Շինը նշանակել Գահիրէի մէջ  դեսպանի  պաշտօնին,  9   տեւած  դադարէ ետք։

Միւս կողմէ, 2021-ի Սեպտեմբերին, Եգիպտոսի վարչապետ՝ Մուսթաֆա Մատպուլին յայտարարած էր, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կրնան վերականգնուիլ, եթէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրները յաղթահարուին։