image

Պէյրութ.Տօքթ Գրիգոր Էճիտեան նշանակուած է Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի Վարչական խորհուրդի անդամ

Պէյրութ.Տօքթ Գրիգոր Էճիտեան նշանակուած է Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի Վարչական խորհուրդի անդամ

Ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին, նախագահական պալատին մէջ կառավարութեան գումարած նիստին ընթացքին, լիբանանահայ սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան նշանակուեցաւ Պէյրութի (Քարանթինայի) կառավարական հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի անդամ:

Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ:

Ստորեւ կու տանք տոքթ. Էճիտեանի կենսագրական տուեալները.

Ծնած է Պէյրութ,1958-ին: Երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ:

Ամուսնացած է եւ հայր 3 զաւակներու:

Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ, ապա սրտի հիւանդութեանց մէջ մասնագիտացած է Թուլուզի մէջ:

Երկար ժամանակ գործած է Պէյրութի Սեն Ժորժ յունական համալսարան-հիւանդանոցին մէջ, ուր տուած է դասախօսութիւններ: Հեղինակած է յօդուածներ լիբանանեան եւ ֆրանսական բժշկական պարբերաթերթերու ու հրատարակութիւններու մէջ:

Անդամ է Լիբանանի եւ Եւրոպայի սրտաբաններու ընկերակցութեան:

2001-էն ի վեր գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Լիբանանի բժիշկներու սենտիքային մէջ` մաս կազմելով զանազան յանձնախումբերու (բարոյագիտական, պատուագիներու, տեղեկատուական, ելեւմտական): Որոշ ժամանակաշրջան մը մաս կազմած է հանգստեան թոշակի ելեւմտական ծրագրումի յանձնախումբին: Եղած է կենսոլորտի եւ հանրային առողջապահութեան յանձնախումբի ատենապետ:

2013-ին ընտրուած է Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի անդամ: Ներկայիս դարձեալ մաս կը կազմէ խորհուրդին` 2016-ին վերընտրուելէ ետք:

2013-2014 ան մաս կազմած է Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան ազգային խորհուրդին:

1998-2000 եղած է ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ:

Երկար տարիներ մաս կազմած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան եւ բազմաթիւ անգամներ ստանձնած է ատենապետութիւնը: Ներկայիս ան դարձեալ կը վարէ ատենապետի պաշտօնը` 2017-ին վերընտրուելէ ետք:

Մասնակցած է Հայ կաթողիկէ թեմական եւ պատրիարքական համագումարներու:

Եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն