image

Պէյրութի օդակայանը ռիսքի տակ է՞

Պէյրութի օդակայանը ռիսքի տակ է՞

 Sky news Arabya կայանը քիչ առաջ լուր տարածեց այն մասին, որ Պէյրութի միջազգային օդանաւակայնի տնօրէնութիւնը որոշած է  5 գլխաւոր օդանաւեր ուղղել դէպի Թուրքիա։ 

  Այս կարգադրութիւնը պէտք է համարել զգուշութեան քայլ մանաւանդ, որ  վերջին օրերուն Լիբանանի հարաւային սահմանին տիրող իրավիճակը ժամ առ ժամ կը բարդանայ։

 Կը նկատուի նաեւ, որ Իսրայէլի իշխանութիւններ անցնող ժամերուն դատարկած են Լիբանանի հետ սահմանին բնակութիւն հաստատած հազարաւոր իսրայէլացիներ, զանոնք ուղղելով, դէպի աւելի անվտանգ վայրեր։

 Անշուշտ նոյն ուղղութեամբ կը տարուին մեծ ճիգեր յատկապէս Ֆրանսայի եւ նոյնիսկ Իրանի կողմէ, որպէսզի Լիբանանեան հարաւի վիճակը մնայ «վերահսկողութեան տակ», բայց եւ այնպէս  լիբանանցիք զգուշ ըլլալու իրաւունք ունին, որովհետեւ որեւէ յաւելեալ մագլցման պարագային Իսրայէլ կրնայ հարուածել Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» անուան օդանաւակայանը։