image

Պէյրութի մէջ նախարար Արաքչի հանդիպումներ ունեցած է Լիբանանցի պատասխանատուներու հետ

Պէյրութի մէջ նախարար Արաքչի հանդիպումներ ունեցած է Լիբանանցի պատասխանատուներու հետ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին պատուիրակութեան հետ ժամանած է Լիբանան, յայտնած է Mehr գործակալութիւնը:

«Մենք դեռ նոր վայրէջք կատարեցինք Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ: Մեր պատուիրակութիւնը՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորութեամբ, երկու պատգամաւորներու եւ Կարմիր մահիկի ընկերութեան ղեկավարի ուղեկցութեամբ, պիտի հանդիպի Լիբանանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ»,- X-ի իր էջին գրած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը։

Ան աւելցուցած է, որ 10 թոն սննդամթերք եւ դեղորայք պարունակող բեռը Լիբանան պիտի հասցուի որպէս Իրանի մարդասիրական օգնութեան մէկ մաս։

«Իրանը հաստատակամ է Լիբանանի քաջարի ժողովուրդի հետ իր համերաշխութեան մէջ: Տարածաշրջանին մէջ բոլորը պէտք է հասկնան այն լուրջ իրավիճակը, որուն կը բախի Լիբանանը եւ ատոր հետեւանքները մեր ազգերու ապագայի համար», -ըսած է Էսմայիլ Պաղային:

Արաքչին հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի վարչապետ Նաճիբ Միքաթիի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ։

Յիշեցնենք, որ գիշերը Իսրայէլը 20 օդային հարուած հասցուցած էր Պէյրութի օդակայանի մերձակայքը գտնուող թաղամասին։