image

Պէյրութի մէջ. Հաւատաւոր Հնչակեան ՝ Պետիկ Յակոբեանի մահը

Պէյրութի մէջ. Հաւատաւոր Հնչակեան ՝ Պետիկ Յակոբեանի մահը

Օրերս Պէյրութի մէջ  մահացած է ՍԴՀԿ-ի հաւատաւոր անդամներէն՝ Պետիկ Յակոբեան։

 Հայորդիին մահուան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի շրջանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Հաւատաւոր կուսակցական եւ գաղափարական նուիրեալ Ընկ. ՊԵՏԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ի մահուան տխուր առիթով՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Սապահ Գիւլ մասնաճիւղը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ յարգելի ընկեր։