image

Պէյրութ. Նիկիոյ հանգանակի 1700-ամեակին առթիւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Համաժողովը

  Պէյրութ. Նիկիոյ հանգանակի 1700-ամեակին առթիւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Համաժողովը

Օրերս Քրիստոնէական Նիկիոյ հանգանակի 1700-ամեակին առթիւ ՄԱՀԱԵՄ-ի (Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն) կազամակերպած է կրօնաշունչ համաժողով մը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

 

Նշելով Նիկիական Հանգանակին 1700-ամեակը, ՄԱՀԱԵՄի ՀԸ. Համաժողովի բացման պաշտամունքը տեղի ունեցաւ 29 Յունիս 2025ին՝ Հայ Աւետ. Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ (Պէյրութ)։ Պաշտամունքը նաեւ ուղիղ սփռուեցաւ։ (Յղումը կը գտնուի այս գրառումէն անմիջապէս վերջ։)

Պաշտամունքին մասնակցողներուն՝ Միութեան եկեղեցիներու անդամներ, հովիւներ, միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներ եւ բարեկամներ, խորհրդաւոր եւ հոգեպարար իրիկուայ պաշտամունքին միացան, եւ երգով ու ընթերցումով, աղօթքով եւ քարոզութիւնով, Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելեցին։

Իր պատգամը Եբրայեցիս 11ին վրայ հիմնելով, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ, եկեղեցիին զօրութիւնը շեշտեց, զոր ինք կը գտնէ տիեզերական, հասարակաց հաւատքի վկայութեան մէջ։ Բաղդատեց զայն այսօրուայ աշխարհին մէջ լայն ընդունելութիւն գտնող մտածողութեան հետ, ուր անձնական խորհուրներ, կարծիքներ, եւ անհատականացած հաւատալիքներ գերադաս կը սեպուին։ Ան մատնանշեց մարմնացեալ Որդի Աստուած, որ ամբողջութեամբ «մեզմէ» էր եւ նոյն ատեն ամբողջութեամբ Աստուած. Վեր. Հայտօսթեան եկեղեցին հրաւիրեց Հանգանակին միաւորող հաւատքին մէջ ընդանալու։

Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ, պաշտամունքի բացումը կատարեց ողջոյնի խօսքով եւ երկրպագութեան աղօթքով, մինչ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Կեդրոնական Մարմինի Փոխ-Ատենապետ եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ, սրտագին աղօթք մատուց Աստուծոյ խաղաղութեան համար, մարդոց սրտերուն եւ առօրեայ կեանքին մէջ, մանաւանդ այս տարածաշրջանին։ Ան նաեւ Համաժողովին ստացած ողջոյնի եւ զօրակցութեան գիրեր նշեց, ղրկուած գործակից եկեղեցիներէն եւ կազմակերպութիւններէն։

Միջ-եկեղեցական հիւրերուն մէջ ներկայ էր Վեր. Ժոզէֆ Քասսապ, որ քաջալերական եւ խրախուսիչ խօսքեր փոխանցեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական Համայնքի Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ։

Պաշտամունքի մթնոլորտը աւելի ճոխացաւ Նիկիական Հանգանակի երկու խմբերգային ներկայացումներով. նախ՝ Մարք Մըրհէժի համոյթը արաբերէնով երգեց Հանգանակը, ապա Գրիգոր Սրկ. Ալոզեանի համոյթը Հանգանակը գրաբարով ներկայացուց։ Հայ Աւետ. պատանիներ եւ երիտասարդներ փոխասացաբար Սաղմոս 46 արտասանեցին, Ք.Ջ. Երիտասարդաց Հովիւ Պատ. Տաթեւ Պասմաճեանի առաջնորդութեամբ։ Ասոնց կողքին «Արմիս» Երգչախումբ, Վեր. Նշան Պագալեանի խմբավարութեամբ եւ Մաթիլտ-Սանտրա Չոլագեանի նուագակցութեամբ, «Բազում Վկայք» եւ Արմենակ Միսիրեանի «Աղօթք Տէրունական» ներկայացուց։ Նաեւ Հայ Աւետ. համոյթ մը սիրուած Հայ Աւետ. երգերու նախանուագ եւ վերջանուագ մատուց։

Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Վեր. Հայտօսթեանի արտասանած օրհութիւնով եւ «Արմիս» Երգչախումբի երրապատիկ «Ամէն»ով (Եկմալեան)։ Ապա ներկաները, Քրիստոսով միաբանած եւ Աստուծոյ ներկայութեամբ ուրախացած՝ դուրսի հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ իրենց հաղորդակցութիւնը շարունակեցին։