image

Պէյրութ. Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի այցը «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ի կեդրոն

Պէյրութ. Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի այցը «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ի կեդրոն

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, այցելած է Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի կեդրոն եւ հանդիպած տնօրէնութեան հետ. Սրբազան հայրը ծանօթացած է լիբանանահայութեան աջակցութեան համար հաստատութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ զանազան ծրագիրներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 23 Յունուար 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելեց Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի կեդրոնը, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէնուհի տիկ. Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանի կողմէ։ 

Հանդիպումին արծարծուեցաւ լիբանանահայութեան աջակցութեան համար հաստատութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ զանազան ծրագիրներուն։

Միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ եւ երկու երկիրներու միջեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման մասին քննարկուեցաւ։

Սրբազան Հայրը շրջեցաւ հաստատութեան կառոյցէն ներս եւ մօտէն ծանօթացաւ հաստատութեան բաժիններու աշխատանքներուն։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, մեծապէս գնահատեց տարուող գործունէութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով՝ յաջողութիւն, աստուածահաճ ծառայութիւն եւ բեղումնաւոր գործունէութիւն մաղթեց հաստատութեան տնօրէնուհիին եւ անձնակազմին, որոնք ոգի ի բռին իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն։