image
Հրատապ լուրեր:

Պէտք է հասնիլ ամբողջական խաղաղութեան. Շոլց

Պէտք է հասնիլ ամբողջական խաղաղութեան. Շոլց

Գերմանիան մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ ԼՂ-ի մէջ երթալով սրուող մարդասիրական իրավիճակով: Գերմանիան կը կարեւորէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ԼՂ-ի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ համատեղ ասուլիսին:

Շոլց յայտնեց, որ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպման երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ միտքեր փոխանակուած են: Ան նշեց այն հանգամանքը, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համապարփակ բարեփոխութիւններու գործընթաց սկսած է Հայաստանի մէջ: Գերմանիան կը ցանկայ այս ճանապարհին շարունակել օգնել Հայաստանին՝ իր հնարաւորութիւններու շրջանակին մէջ: Շոլց կարեւոր համարեց, որ նախորդ տարի Գերմանիան սկսած է Հայաստանի հետ զարգացման ոլորտին մէջ համագործակցութիւն:

Շոլց կարեւորեց նաեւ այն, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը քայլ առ քայլ երթան երկարաժամկէտ լուծման: ՀՀ վարչապետը Շոլցին ներկայացուցած է ԼՂ-ի վերջին զարգացումները: «Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ ԼՂ-ի մէջ երթալով սրուող մադասիրական իրավիճակով: Սթաթուս քուօն չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ՝ ի բարօրութիւն մարդոց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ատպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ԼՂ-ի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են»,-ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը:

Գերմանիան կ'աջակցի Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդական ջանքերուն: Շոլցն ընդգծեց, որ Գերմանիան այդ ըրած է՝ նաեւ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան կազմին մէջ գերմանական անձնակազմ ուղարկելով: Ընդ որում, այդ առաքելութիւնը պիտի ղեկավարէ գերմանացի դաշնային ոստիկան:

Շոլց հակամարտութեան լուծման համար քաջալերող քայլ համարեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի՝ Փրակայի եւ Միւնիխի մէջ միտքերու փոխանակումը:

Անդրադառնալով հարցին ու դիտարկման, որ Ատրպէյճանը չի կատարեր նոյնիսկ Հաագայի դատարանի որոշումն՝ ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը՝ Շոլցը վերահաստատեց. «Մենք ինքնորոշման իրաւունքի, նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կողմնակիցն ենք»: Ան կարեւորեց տարածաշրջանի անվտանգութեան բարելաւումը:

Շոլց ու Փաշինեան խօսած են նաեւ երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու մասին: Գերմանիոյ վարչապետը քաջալերած է վարչապետ Փաշինեանը շարունակելու փտածութեան դէմ իր պայքարը:

Շոլց նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ վարչապետին Գերմանիա այցի համար: