ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը «ծունկի եկած է» Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի առջեւ։ Այս մասին կ'ըսուի The Washington Times-ի խմբագրական յօդուածին մէջ։
«Պայտընը յայտարարած էր, որ պիտի արժանանայ Փութինի յարգանքին։ Իսկ իրականութեան մէջ ան թոյլ փորձեր կ'ընէ Փութինի հետ որեւէ գործարք կնքելու համար», նշած են յօդուածին հեղինակները:
Լրագրողներուն խօսքով՝ հերթական բանակցութիւններու ժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը լուրջ զիջումներու գացած Մոսկուայի հետ, քանի որ հրաժարած է բանակ եւ հրթիռային զէնք տեղակայելէ Ուքրանիոյ տարածքին։ Պայտընը «մեծ աշխարհաքաղաքական նուէր» ըրած է Ռուսաստանին՝ չեղարկելով «Հիւսիսային հոսք 2» կազատարի պատժամիջոցները, կը կարծեն յօդուածագիրները։ Աւելին, ԱՄՆ գործող նախագահի պատերազմը երկրի ներսը ուժանիւթի ընկերութիւններու հետ կը խթանէ Մոսկուայի նաւթային ոլորտը, որ մրցանշային չափով մեծցուցած է վառելիքի արտահանումն ԱՄՆ, կ'ըսուի նիւթին մէջ։
«Պարոն Փութինը առաւելութիւն ունի ամերիկացի առաջնորդին նկատմամբ, եւ ան այդ գիտէ։ Ռուսաստանի նկատմամբ Պայտընի վարչակազմին միակ քաղաքականութիւնը թուլութեան քաղաքականութիւնն է», ամփոփած են հեղինակները։