image

Պայտըն ծանր վիրահատութեան ենթարկուած է

Պայտըն ծանր վիրահատութեան ենթարկուած է

ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս վիրահատութեան ենթարկուած է՝ մաշկէն քաղցկեղի բջիջները հեռացնելու համար, հաղորդած է NBC News-ը՝ յղում ընելով անոր մամլոյ քարտուղարին։

Պայտընի գրասենեակը յայտնած է, որ վիրահատութենէն ետք անոր վերականգնումը լաւ կ՚ընթանայ: Չէ նշուած, թէ երբ նախկին նախագահը ենթարկուած է այդ վիրահատութեան։

Պայտընը նմանատիպ վիրահատութեան ենթարկուած է իր նախագահութեան տարիներուն՝ 2023 թուականի փետրուարին։

2022 թուականի յուլիսին ան ելոյթ ունեցած է կլիմայի փոփոխութեան եւ աղտոտուածութեան վերաբերեալ: Ան ըսած է, որ Տելավերի Քլեյմընթ քաղաքին մէջ, ուր ինք մեծցած է, կան բազմաթիւ նաւթավերամշակման գործարաններ: Այնուհետեւ Պայտընը պարզաբանած է, որ ինքը եւ իր հետ ապրող միւս մարդիկ քաղցկեղ ունեցած են: