Միջադէպ մը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Մերսին քաղաքին մէջ կառուցուող «Աքքոյու» աթոմակայանին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդուի, միջադէպը տեղի ունեցած է Կիրակի, երբ աթոմակայանի տարածքին պայթիւն որոտացած է ելեկտրական սարքի մը մէջ, որուն յաջորդած է ոչ-մեծ հրդեհը:
Կատարուածը խուճապ յառաջացուցած է աշխատակիցներուն եւ մօտակայքը գտնուող մարդոց մօտ:
Նշենք, որ այս աթոմակայանի կառուցումը կը ֆինանսաւորէ Ռուսիան: