image

«Պայրաքտար»ի շուկան բա՞ց է...

«Պայրաքտար»ի շուկան բա՞ց է...

Թրքական անօդաչու թռչող սարք արտադրողը մարտական տրոններ վաճառելու վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ տասը երկիրներու հետ, կը յայտնէ իշխանամէտ Daily Sabah-ը: Այս մասին յայտարարած է Baykar-ի տեխնիկական տնօրէն Սելճուք Պայրաքթարը:

Անոր կանխատեսումներով՝ Tactical Block 2 անօդաչու թռչող սարքերու արտահանման ծաւալները պիտի սկսին կազմել ընկերութեան եկամուտներու աւելի մեծ մասը, քանի որ այդ բանակցութիւնները առաջ կ'ընթանան:

 

Այսօր թրքական TB-2 տրոնը ներառուած է Քաթարի, Լիպիոյ, Ուքրանիոյ, Լեհաստանի եւ Ատրպէյճանի սպառազինութեան մէջ: Թրքական անօդաչու թռչող սարքերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող այլ երկիրներն են, մասնաւորապէս, Լաթվիան, Ղազախստանը եւ Փաքիստանը: