Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քերըն Տոնֆրիտի հետ, որու մասին յայտնած է Twitter-ի էջի միջոցաւ:
«Հեռախօսազրոյց ունեցայ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Քերըն Տոնֆրիտի հետ (հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններ) կարգաւորման գործընթացի եւ խաղաղութեան ջանքերու հեռանկարների վերաբերեալ։ Ես վերահաստատեցի իմ երկրի յանձնառութիւնն ու լիակատար պատրաստակամութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար»,- գրած է Պայրամով։