image

«Պատրոն Դաւո» անունով յայտնի Դաւիթ Գալստեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ

«Պատրոն Դաւո» անունով յայտնի Դաւիթ  Գալստեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ

Հակակոռուպցիոն դատարանի դատաւոր Արամ Գրիգորեանի  որոշմամբ՝ մէկ ամսով երկարաձգուեցաւ արտերկրի մէջ գրանցուած «Mosston Engineering» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ, զէնքի վաճառքով զբաղող Դաւիթ Գալստեանի կալանաւորման  ժամկէտը։

Այս գործով յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 7 յունիսին, ժամը 16։00-ին։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ զէնքի մատակարարմամբ զբաղող գործարար Դաւիթ Գալստեանը՝ Պատրոն Դաւոն ձերբակալուած են Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործի շրջածիրէն ներս եւ կալանաւորման միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան, որոնք բաւարարուած են։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Դաւիթ Գալստեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած են 2,277,323,840 ՀՀ դրամ գումար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար։

Գալստեանը կալանաւորուած է յունուար 31-ին: