Լուիզիանա նահանգի մայրաքաղաք Պաթոն Ռուժի հայութիւնը անգամ մը եւս խուռներամ հաւաքուած էր Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ՝ ոգեկոչելու համար Հաճնոյ հերոսամարտի 105ամեակը։
Հիացում պատճառող երեւոյթ մըն է, որ հաճընցի հայրենակիցներ, տակաւին քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ միջինարեւելեան երկիրներէն արտագաղթելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը՝ իրենց հետ բերած են անկապտելի աւանդ մը՝ իրենց հայրենի բնօրրանին տոհմիկ սովորութիւնները, Հաճընի հանդէպ հաւաքական յիշողութիւնը եւ հոն հերոսաբար նահատակուած նախնեաց խնկելի յիշատակը։
Արդարեւ, տեղի ունեցածը ամենեւին սովորական կամ ընթացիկ հնամոլութեան մը ձանձրալի կրկնութիւնը չէ, այլ ան հայրենակցական բովանդակալից տօնախմբութիւն մըն է:
Մշակութային ժառանգութեան բաղկացուցիչ մասերէն մին է նահատակաց հոգիներուն ձօնուած մատաղի պատրաստութիւնը, որուն հաճընցիներ «ճիտապուր» կը կոչեն, նկատի ունենալով այդ ուտեստին համար օգտագործուած միսը, որ սովորաբար տաւարի կամ ոչխարի ճիտէն առնուած պէտք է ըլլայ։
Հաճնոյ հերոս նահատակներու յիշատակին ձօնուած ճիտապուրի քանի մը օրերու վրայ երկարող արարողութիւնը, կորկոտն ու միսը խնամքով պատրաստելու, ապա նախօրէին զայն խոշոր կաթսաներու մէջ մինչեւ եփիլը համայնքը միաւորելու եւ մարդիկ նպատակի մը շուրջ համախմբելու ազդեցութիւնը ունին։
Այս տարի եւս հաւաքական այս ամբողջ աշխատանքը իրականացաւ տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Հայկօ Գալթաքճեաններու հիւրընկալ օճախին մէջ, ուր համայնքի տիկինները, փորձառու ցուցմունքներով տիկնայք Մարի Գալթաքճեանի եւ Ազատուհի Մութաֆեանի, պատրաստեցին ճիտապուրին բաղադրութիւնը: Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 15 Հոկտեմբեր 1920ին Հաճնոյ մէջ նահատակուած բոլոր զոհերուն, նաեւ տեղաբնակ եւ շրջակայից հայ ընտանիքներու հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներու հանգստեան եւ լուսաւորութեան համար։
Ներկայ մը
(Յապաւուած)