image
Հրատապ լուրեր:

Հաճնոյ ոգին չի մեռնիր. Հանդիսութիւն եւ ոգեկոչում

Հաճնոյ ոգին չի մեռնիր. Հանդիսութիւն եւ ոգեկոչում

Հաճնոյ հայրենակցական միութիւն-

Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչումի 107-րդ տարելիցի սեմին, Մեծ Եղեռնի տարիներուն որբացած հայորդիներու ոդիսականը բացայայտող երկու հատորներ կու գան լուսարձակ մը եւս ուղղելու այս մարդկային արհաւիրքին, որուն բեռը կրողներուն ժառանգորդներն ենք մենք այսօր:

2020-ին, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ Հայկազեան համալսարանէն հրատարակւեցաւ նոյն համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հաճընցի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի աշխատասիրած զոյգ հատորներ`  «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հաճընի Որբանոցը, 1919-1920» ե  «Ալիս Քիփ Քլարք, Նամակներ Կիլիկիայէն (Օրագրութիւն)» Հաճնոյ հերոսամարտի հարիւրամեակին հրատարակուած նշեալ հատորներուն շնորհահանդէսը համաճարակային սահմանափակումներու լոյսին տակ երկու տարի ձգձգուեցաւ:

Կազմակերպութեամբ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հաճնոյ որբերուն կեանքն ու պատմութիւնները բացայայտող զոյգ հատորներուն շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ գերաշնորհ Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի` բարեջան առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, մտաւորականներու, հասարակական գործիչներու, հիւրերու եւ հաճընցի հայրենակիցներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը միութեան վարչութեան անունով արտասանեց հայրենակից Զարմինէ Կանաչեան Ասմինեան, որմէ ետք հայրենակից Վարուժ Թենպելեան ներկայացուց առաջին անգամ անգլերէնով 1924-ին լոյս տեսած «Ալիս Քիփ Քլարք, Նամակներ Կիլիկիայէն» հատորի թարգմանուած տարբերակը, որ խորքին մէջ օրագրութիւն է եւ 2020-ին հրատարակուեցաւ Դոկտ. Տագէսեանի թարգմանութեամբ եւ ծանօթագրութիւններով, Ռաֆֆի եւ Հենրի Սիսլեան եղբայրներու մեկենասութեամբ: Թենպելեան նշեց, որ հատորը կը նկարագրէ Հաճնոյ ժողովուրդին վերապրելու ճիգը եւ քաղաքը պաշտպանելու վճռականութիւնը: Ան տեղեկութիւներ տրամադրեց նամակներու հեղինակ միսիոնարուհի Ալիս Քիփ Քլարքի մասին, որ Շիքակոյէն Հաճըն հասած էր ծառայելու համար «Նիր Իսթ Ռիլիֆի» որբանոցին մէջ: Ներկայացնելով հատորին բովանդակութիւնը, Թենպելեան նշեց, թէ այնտեղ կուտակուած են որբանոցին առօրեան բացայայտող Քլարքի նամակները` ուղղուած իր ընտանիքին: Այսպիսով, նկարագրուած է հաճընցիներու ընկերային առողջապահական ցաւալի վիճակը, վերապրելու կամքը, որբանոցի գործունէութինը, որբերուն աշխատանքը, կենցաղային երեւոյթներ, նոյնիսկ հիւանդութիւններ: Քլարք նամակներուն մէջ նաեւ մանրամասնած է Հաճնոյ բնութեան գեղեցկութիւնը եւ խօսած` քաղաք վերադառնալ փափաքող հայերուն մասին, որոնք ստացած են օգնութեան խոստումներ միայն: «Ֆրանսացիք կը խոստանան օգնել իրենց, կ՚ըսեն, որ իրենք պատասխանատու են, բայց խոստումը կը վերջանայ խօսքին հետ»: Հոս արդէն կը նշմարենք դժգոհութիւն մը ֆրանսացիներու երկդիմի քաղաքականութեան նկատմամբ: Քլարք յաճախակի մեղադրական խօսքեր ունի ֆրանսական իշխանութեանց հասցէին, որոնք խօսքերէն անդին գործնական ոչ մէկ քայլ առած են Հաճնոյ պաշտպանութեան համար՚, նշեց Վարուժ Թենպելեան: Ան անդրադարձաւ թրքական կոտորածներուն մասին միսիոնարուհի Քլարքի գրութիւններուն, որոնց մէջ անգամ մը եւս յստակօրէն կը պարզուի ցեղասպանին մտադրութիւնը: Թենպելեան իր ելոյթը եզրափակեց միանալով Հաճնոյ հայրենակցական միութեան փափաքին` մաղթելով, որ նորահաս սերունդները վերստին հաղորդակցութեան մէջ մտնեն պապենական հողին փարած հաճընցիի ոգիին մէջ:

Հայրենակից Նազօ Ճէրէճեան, իր կարգին, ներկայացուց «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հաճընի Որբանոցը 1919-1920» հատորը, որ լոյս տեսած է ողբացեալ հայրենակից Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ: Ան նշեց, որ 212 որբերուն տուեալները եւ լուսանկարները առնուած են ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի արխիւէն, ուր նշուած են նաեւ անոնց ծնողաց անունները, ծննդավայրը, աքսորավայրը եւ պայմանները, նաեւ պաշտպանեալներու ցանկերը:

Ճէրէճեան անդրադարձաւ նաեւ զոյգ հատորներու հեղինակ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի աշխատանքի կարեւորութեան, զայն նմանցնելով նաւու մը խորտակումէն հարիւր տարի ետք անոր գանձերը որոնող ծովասոյզին: Ճէրէճեան բացատրեց, որ Հաճնոյ Սուրբ Յակոբ վանքի Հ.Բ.Ը.Մ-ի որբանոցին մէջ տեղաւորուած էին Ցեղասպանութենէն փրկուած որբեր` Հաճընէն եւ հայկական 37 այլ բնակավայրերէ: Հատորը կը պատմէ, թէ ինչպէս այդ որբերը 1919 եւ 1920 թուականներուն մաս կազմած են Հաճնոյ կենցաղին եւ ընկերամշակութային կեաքին, ապա նաեւ հերոսամարտին` որպէս սուրհանդակներ եւ ռազմամըթերք փոխադրողներ: «Հաճընցիին համար դիմադրական ամիսները երկարաձգելուն մէջ հաճընցիական պայքարի ոգիին կողքին նպաստող գործօն հանդիսացան նաեւ Հ.Բ. Ը.Մ-ի որբանոցայիները, յատկապէս երէց տղաքը, որոնք խառնեցին թշնամիին ռազմական հաշիւները», ըսաւ Նազօ Ճէրէճեան: Ան նաեւ պատմեց, թէ ինչպէս 1920-ի հերոսամարտի աւարտին զոհուեցան որբերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եւ փրկուեցան միայն 9 որբեր ու 6 պաշտօնեաներ: «Հնարաւոր է տակաւին գտնուին այս որբերէն ոմանց հարազատներ, որոնք օտարացման ճանապարհին վրայ այս հատորին մէջ հանդիպին իրենց հարազատին եւ զգաստութեան ու դէպի արմատները պրպտելու անդրադարձը ունենան», ըսաւ Ճէրէճեան, ընդգծելով հատորին արժէքը: Նկատել տալով, որ հատորը երկլեզու է, ան համոզում յայտնեց, որ անգլերէնով լոյս ընծայումը կը դիւրացնէ մեր պատմութիւնը օտարին հասցնելու առաքելութիւնը, սատարելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, այս ոլորտով հետաքրքրուած պատմաբաններուն, ինչպէս նաեւ հայկական առական ու իգական անուններ ուսումնասիրողներուն:

 

Շնորհահանդէսի գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկան Կայէլ Գրիգորեանը` քանոն, Գէորգ Քեշիշեանը` տուտուկ, եւ մեներգով` թենոր Ճոնի Կէօքճեանը, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ Արէն Տօնէրեանի:

Ապա, ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց զոյգ հատորները աշխատասիրած Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, նշելով, թէ Հաճնոյ հերոսամարտի նշումի օրերուն, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը յայտնեց թէ իր տրամադրութեան տակ ունի Ալիս Քիփ Քլարքի 1924ին հրատարակուած դժուարագիւտ օրագրութեան օրինակ մը եւ կրնայ պատճէնը տրամադրել.

 

 

«Շնորհակալութեամբ առի ու թարգմանեցի զայն, «Արարատ»-ի խմբագիր Անի Եփրեմեանին գործակցութեամբ ան տպուեցաւ «Արարատ»-ի յաջորդական թիւերուն մէջ, 2015ին:

Դժբախտաբար, Քլարքի այս օրագրութեան մէջ նշուած 240 որբանոցայիններուն մէջ չգտայ հօրեղբայրս: Հոն քիչ անուններ կային, կար Սաչեան մը, որ մանկական չարաճճիութեամբ երբ իշուկին կը նստի` զոհը կ՚երթայ թուրք գնդակին:

Միւս հօրեղբայրներուս եւ ազգիս հարազատներուն որոնումները զիս թափառեցուցին արխիւային շատ էջերու եւ տոմարներու մէջ:

Ու երջանիկ օր մը, երբ կը պրպտէի ՀԲԸՄի Գահիրէի արխիւը, դէմս ելաւ Բարեգործականի Հաճընի որբանոցին տոմարը: Ամբողջական, արձանագրութիւններով, որբանոցայիններուն լուսանկարներով, իւրաքանչիւր որբանոցայինի մասին հակիրճ տուեալներով այս տոմարը դողացուց զիս:

Հոն էին նկարները 210 որբանոցայիններուն, որոնք կեանքին դեռ չբացուած ենթարկուեր էին տեղահանութեան, եւ որբացուեր էին: Այս որբերը, որոնք վերականգներ էին իրենց հաւատքը կեանքին հանդէպ ու հաճընցիներուն հետ լծուեր էին Հաճընն ու Կիլիկիան հայկական կեանքը վերականգնելու ճիգին, ասոնցմէ միայն ութ հոգի կրցեր էր վերապրիլ Հաճընի երկրորդ դժոխքէն»:

 

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան. ան գնահատեց Հաճնոյ Հայենակցական Միութեան կազմակերպած ձեռնարկը, մաղթելով յառաջիկայ սերունդներուն շարունակելու սկսուած աշխատանքը, որպէսզի այս բոլորը ապագային չկորչին եւ գոյատեւեն:

 

 

 

Հանդիսութեան ընթացքին, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գործունէութեան եւ հերոսամարտի հարիւրամեակի ձեռնարկներու յաջողութեան իրենց տրամադրած աջակցութեան եւ բարոյական նեցուկին համար, միութեան վարչութիւնը որպէս խորին յարգանք յուշանուէրներով պատուեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները, տիար Արամ Մալեանը, Հայկազեան համալսարանը, Ողբ. Ստեփան Փիլիպոսեանը, Ողբ. Կարապետ Պապահէքեանը, Տիկ. Գոհար Խաչատուրեանը, Փրոֆ Արտեմ Փաթափութեանը, տեարք Ռաֆֆի եւ Հենրի Սիսլեանները, տեարք Ռաֆֆի եւ Թորոս Սաչեանները: Յուշանուէրներու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութեան հաճընցի թեկնածու տիար Արամ Մալեանի ձեռամբ:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»-ով: