Արցախեան պատերազմի առաջին օրը՝ 27 Սեպտեմբերին, Մարտունիի մէջ ծանր ռմբակոծութեան հետեւանքով զոհուած էր 9–ամեայ Վիքթորիա Գէորգեանը։ Ան Արցախեան երկրորդ պատերազմի առաջին քաղաքացիական զոհն է, նաեւ ամենափոքրը՝ 44 օրերու մեր հազարաւոր կորուստներէն։
Նոյն օրը մահացած էր նաեւ անոնց հարեւանութեամբ բնակող տարեց կինը։ Վիքթորիայի մայրն ու եղբայրը՝ երկուամեայ Արծուիկը, վիրաւորուած էին։ Փոքրիկ Արծուիկը ծանր վիրաւորուած էր գլուխէն ու ոտքէն: Երկու անգամ վիրահատութեան ենթարկուելէ ետք այժմ, բարեբախտաբար, վերջնականապէս ապաքինուած է։
Գէորգեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է Մարտունքի քաղաքի մեկ այլ բնակարան։ Իրենց նախկին տան մէջ ծանր յիշողութիւնները շատ էին։ Բարերարներ օգնտած են Գէորգեաններուն բնակարան ձեռք բերել։