image

Լիբանանահայ Պլոկըր Ալպէրովիչ. «Պատերազմի ծայրին ենք» (Տեսանիւթ)

Լիբանանահայ Պլոկըր Ալպէրովիչ.  «Պատերազմի ծայրին ենք» (Տեսանիւթ)

 «Անցեալին սինեմայի պէս դիտեցինք եղած պատերազմը, սակայն այս անգամ եթէ պատերազմը սկսի , ապա շատ սուղ գին պիտի վճարենք բոլորս...» եզրափակած է լիբանանահայ պլոկըր Ալպէրովիչ։ 

 

Լիբանանահայ պլոկըր՝ Ալպէրովիչ  օրերս կարճ տեսանիւթ մը հրապարակելով անդրադարձած Է Լիբանանի մէջ  տիրող իրավիճակին։

  Ան մասնաւորապէս ըսած է, թէ «Դժուար տեղ մը հասած ենք եւ կարծէք վտանգի ծայրն ենք։ Ձեզի միայն պիտի ըսեմ որ այն ինչ որ եղաւ Հարաւային Լիբանանի մէջ վտանգաւոր է»։

Պլոկըրի կարծիքով Իսրայէլ այսօր կը գտնուի նեղ վիճակի մէջ ու այդ պատճառով ալ աչքը առած է ամէն ինչ։ Ան նաեւ ըսած է, որ Լիբանանը վտանգուած է եւ այն ինչ որ Գազայի մէջ կը տեսնենք, վաղը կրնանք Լիբանանի մէջ ալ տեսնել...։ 

 

 Ալպէրովիչ նաեւ մտահոգ է, որ եթէ ռազմական գործողութիւններ սկսին Հարաւային շրջանի բնակչութիւնը պիտի գաղթէ դէպի աւելի ապահով վայրեր բան մը, որ կրնայ աւելի մեծ տագնապի պատճառ դառնալ, առանց անոր ալ ծանր օրեր ապրող Լիբանանին համար։

 «Անցեալին սինեմայի պէս դիտեցինք եղած պատերազմը, սակայն այս անգամ եթէ պատերազմը սկսի , ապա շատ սուղ գին պիտի վճարենք բոլորս...» եզրափակած է լիբանանահայ պլոկըր Ալպէրովիչ։ 

 

Մնացածը՝ տեսանիւթին մէջ։