Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան սրման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է գրեթէ 18 հազարի։
Այս մասին յայտնած է Պաղեստինի անկլաւի առողջապահութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է գրեթէ 18 հազարի, աւելի քան 49,5 հազար մարդ՝ վիրաւորուած է»,- գերատեսչութեան ներկայացուցչի խօսքերը մէջբերած է Al Jazeera հեռուստաալիքը։