Ըստ Aravot.am-ի տեղեկութիւններուն՝ 22 Յունուար-ին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Սուրէն Պապիկեանի հարսանիքը «Փարաւոն» Ճաշարանային համալիրին մէջ:
Ըստ աղբիւրին՝ արդէն սկսած են հրաւիրատոմսերը ուղարկել հրաւիրեալներուն։
Մամուլի հրապարակումներուն համաձայն, ամուսնանալէ ետք Պապիկեան կնոջ հետ պիտի ապրի կառավարական առանձնատուներէն մէկուն մէջ։
Նշուած է նաեւ, որ Սուրէն Պապիկեան 26 Ապրիլին կը դառնայ 36 տարեկան։