image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտօնապէս հաստատուեցաւ. Ներքին Հանդի միջադէպին հայկական կողմը ունի 4 զոհ

Պաշտօնապէս հաստատուեցաւ. Ներքին Հանդի միջադէպին հայկական կողմը ունի 4 զոհ

Փետրուար 13-ին Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով հայկական կողմն ունի 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր։

Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

ՊՆ-էն նշած են, որ վիրաւորի վիճակը կը գնահատուի միջին ծանրութեան, այս պահի դրութեամբ կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհուածներու անուանացուցակը պիտի հրապարակէ աւելի ուշ: