image

Պաքուն մեզի ըսած է, որ մտադիր չէ ռազմական յարձակումներ իրականացնել. Իրանի Արտաքին Գործոցի խօսնակ

Պաքուն մեզի ըսած է, որ մտադիր չէ ռազմական յարձակումներ իրականացնել. Իրանի Արտաքին Գործոցի  խօսնակ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին ըսած է, որ Թեհրանը զգայուն է հիւսիսային հարեւաններու հետ իր ընդհանուր սահմաններու անվտանգութեան նկատմամբ: Ան ընդգծած է, որ Իրանի սահմանները ապահով են, եւ երկիրը կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Ինչպէս կը յայտնէ «ԻՌՆԱ» գործակալութիւնը, Քանաանին երկուշաբթի կայացած ամէնշաբաթեայ ասուլիսին քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:

«Մենք կապի մէջ ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ, Հայաստանի իշխանութիւններն իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Ատրպէյճանի կողմէ նոր ռազմական հակամարտութեան հնարաւորութեան վերաբերեալ։ Սակայն Պաքուի իշխանութիւնները մեզի ուղարկած են հաղորդագրութիւն, ըստ որու բովանդակութեան՝ իրենք մտադիր չեն ռազմական յարձակումներ իրականացնել, իսկ զօրքերու վերջին տեղաշարժերը աւանդական ռազմական գործողութիւն են, որ կ'իրականացուի ձմրան շեմին, քանի որ տեղաշարժերը լեռնային տարածքներով կը դառնան դժուար ու խճճուած», -ըսած է խօսնակը:

«Իրանը զգայուն է իր հիւսիսային հարեւաններու հետ ընդհանուր սահմաններու անվտանգութեան նկատմամբ եւ կը հաստատէ, որ Իրանի սահմաններն ապահով են, եւ երկիրը կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Կովկասի զարգացումներուն», - աւելցուցած է Քանաանին: