image

Պաքուի մէջ. 15 տարուան բանտարկութիւն 2 հայ գերիներու

Պաքուի մէջ. 15 տարուան բանտարկութիւն 2 հայ գերիներու

Ատրպէյճանական դատարանը աւարտած է շինծու մեղադրանքներով յարուցուած քրէական գործերով երկու հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Պաքուի դատարանը երկու հայ ռազմագերիները դատապարտած է 15 տարուան ազատազրկման:

Դաւիթ Դաւթեանը եւ Գէորգ Սուջեանը Ատրպէյճանը կը մեղադրէ «լրտեսութեան եւ սահմանը ապօրինի հատելու մէջ»: