Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր 26 օգոստոսին՝ ժամը 13:30-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ փորձած են դիրքային առաջխաղացում եւ բարելաւում իրականացնել, բացարձակ սուտ է:
Յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։