image

Պաքու-Անգարա քննարկում. Թեման՝ Քապուլն է

Պաքու-Անգարա քննարկում. Թեման՝ Քապուլն է
Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ կը քննարկէ Քապուլի անվտանգութիւնն ապահովելու հարցը: Այդ մասին Ատրպէյճանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններու խօսնակներու առաջին եռակողմ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ Ազգային ժողովի խօսնակ Մուսթաֆա Շենթոփը, կը հաղորդեն տեղական ԶԼՄ-ները:
 
«Կ'ուզեմ, որ «Թալեպանը» զերծ մնայ իր նպատակներու իրագործումէն, որպէսզի իրավիճակը Աֆղանիստանի մէջ կարգաւորուի»:
 
Նշենք, որ Անգարան ներկայացած է Քապուլի օդակայանի կառավարումը ստանձնելու նախաձեռնութեամբ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի զօրքերու դուրս բերումէն ետք: Թուրքիան ատոր համար պահանջած է ֆինանսական եւ նիւթական աջակցութիւն: Այդ հարցի շուրջ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: