«Երեքշաբթի` 7 Փետրուար 2023֊ին, կէսօր է ետք ժամը 4։30֊ին, այցելեցինք Քեսապի Գարատուրան շրջանը։
Աւերիչ երկրաշարժը հարուածած է նաեւ Գարատուրան գիւղի Ծովու թաղի հնագոյն տուներէն մին։ Այստեղ կ՚ապրին Հայ Կաթողիկէ Պապուճեան քոյրերը` Սօնա, Վարդուկ եւ Հայկուհին։ Այս տան մէջ նկարահանուած է սուրիական «Կորուսեալ գիւղը» հանրածանօթ ֆիլմաշարը։Պապուճեան քոյրերը սարսափահար եղած էին երկրաշարժին հետեւանքով։ Աստուած պահապան բոլորին»:
Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան՝ Ժողովրդապետ Քեսապի «Սուրբ Միքայէլ» եկեղեցւոյ.

