Թրքական Հաթայ նահանգին մէջ, 20 փետրուարին գրանցուած 6,4 եւ 5,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժերու հետեւանքով զգալիօրէն վնասուած են Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վաքըֆլըի շէնքերն ու շինութիւնները։ Մարդկային կորուստներ չկան։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն յայտնած են, որ վնասուած է գիւղի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատունը եւ պատերը։ Վնասներ կրած է նաեւ նախկին հիւրանոցի պատը։