Թուրքիոյ Պողազիչի համալսարանի ակադեմիկոս, դոցենտ Տողան Քալաֆաթ յայտարարած է, որ մօտ ապագային Պոլսոյ մէջ հնարաւոր տեղի ունենալիք երկրաշարժը կրնայ յանգեցնել ցունամիի: Այս մասին տեղեկացուցած է ermenihaber.am:
Քալաֆաթ պնդած է նաեւ, որ երկրաշարժի ուժգնութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 7.2 մակնիդուտի:
Յիշեալ յայտարարութիւնները ակադեմիկոսն ըրած է Թրաքիոյ համալսարանի հովանաւորութեամբ Պալքանեան քոնկրէսի կեդրոնը կազմակերպուած «Երկրաշարժ բոլոր ուղղութիւններով» գիտական միջազգային խորհրդակցութեան:
Յիշեցնենք, որ օգոստոսին, ճափոնցի երկրաշարժագէտ, աւագ երկրաչափ Եոշինորի Մորիվաքի կանխատեսումներ ըրած էր Թուրքիոյ հնարաւոր երկրաշարժերու վերաբերեալ: Խօսքն այս պարագային Մարմարայի նահանգի հնարաւոր երկրաշարժի մասին էր։
Մորիվաքի նշած էր, որ հնարաւոր է տեղի ունենայ 7․6-էն մինչեւ 7․9 աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժ։ Այն կրնայ տեղի ունենալ 1 տարի յետոյ, 1 ամիս կամ գուցէ նոյնիսկ 1 շաբաթ յետոյ։
Ան նաեւ աւելցուցած էր, որ վտանգաւոր գօտիներ կը համարուին Աթաթուրքի օդակայանը, Զեյթինպուրնուն, Քիւչուքչեքմեճեն, Ավճըլար, Պույուքչեքմեճեն եւ Ֆաթիհը, Թուզլան, Փենդիքը եւ ծովափնեայ շրջանները։
«Մենք այդ տեսանք 1999-ի երկրաշարժի ժամանակ, շատ ցնցումներ եղան։ Եթէ հողը փափուկ է, ուրեմն խնդիր է, Հաթայ ալ այդպէս է։ Այս շէնքերը միացուած են եւ բոլորը կառուցուած են մինչեւ 2000 թուականը, անոնք մեծ վնասներ պիտի կրեն»։