image
Հրատապ լուրեր:

Պապիկեանն ու Շոյկուն խօսած են տարածաշրջանային անվտանգութեան մասին

Պապիկեանն ու Շոյկուն խօսած են տարածաշրջանային անվտանգութեան մասին

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սուրէն Պապիկեանը եւ Սերգէյ Շոյկուն քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու նախարարները անդրադարձած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, պաշտպանական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցերու։