image

Պաղտատի մէջ. ՀՄԸՄ-ի Վարչութեան այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան

Պաղտատի մէջ. ՀՄԸՄ-ի Վարչութեան այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան

 «Արեւելք» (Պաղտատ),- Օրերս Պաղտատի  ՀՄԸՄ-ի Վարչութիւնը  այցելութիւն տուած է Ազգային Առաջնորդարան եւ ընդունուած թեմակալ Առաջնորդին կողմէ։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի  էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ օր, Օգոստոսի 3ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց ՀՄԸՄ-Ի Վարչութեան փոխ ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, որոնք եկած էին Սրբազան Հօր շնորհակալութիւն յայտնելու Առաջնորդարանի կատարած նիւթական օժանդակութեան համար։ 

Հանդիպման, որուն ներկայ եղաւ նաեւ արժ. Տ. Գէորգ քհն Արշակեանը` քննարկուեցաւ Միութեան 75 ամեակի տօնակատարութեանց հետ առնչուող հարցեր։