Արեւմուտքէն թաթառի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած յունուար 6-ի գիշերը հանրապետութեան ողջ տարածքին կը սպասուին տեղումներ՝ Շիրակի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի,Կոտայքի, Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի լեռնային գօտիներուն մէջ ձիւնի տեսքով, առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի բուք, մառախուղ, ճանապարհներուն՝ մերկասառոյց։
Երեւան քաղաքին մէջ` յունուար 6-ի գիշերը, 9-ի ցերեկը, 10-ին կը սպասուին տեղումներ եւ մառախուղ։ Յունուար 6-ի ցերեկը, 7-8-ին, 9-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Հանրապետութեան տարածքին` յունուար 6-ի գիշերը, 10-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ, 9-ի ցերեկն առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին տեղումներ եւ մառախուղ, տեղումները լեռնային գօտիներու մէջ պիտի ըլլան ձիւնի տեսքով, հովտային եւ նախալեռնային շրջաններու մէջ անձրեւի եւ ձնախառն անձրեւի տեսքով։ Յունուար 7-8-ին, 9-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին՝ հարաւարեւմտեան 2-5 մ/վ, 6-ին, 8-ին կը սպասուի քամիի ուժգնացում 14-17 մ/վրկ, 9-ին 20-25մ/վրկ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը յունուար 7-ի գիշերը պիտի նուազի 4-6 աստիճանով, 8-10-ի գիշերը աստիճանաբար նոյնքան պիտի բարձրանայ։