Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին 3 յունիսին, 5-ի կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ, 4-ին եւ 6-7-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։
Քամին հարաւարեւմտեան է՝ 2-5 մ/վ արագութեամբ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ արագութեամբ:
Օդի ջերմաստիճանը յունիս 2-3-ին աստիճանաբար պիտի բարձրանայ եւս 1-2 աստիճանով, 6-7-ի ցերեկը պիտի նուազի 4-6 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ 3 յունիսին, 5-ին քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ երեկոյեան ժամերուն հնարաւոր է, 4-ին եւ 6-7-ի կէսօրէն ետք կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ: Ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 14-18 մ/վ արագութեամբ։
Մայրաքաղաքին մէջ 3 յունիսի գիշերը եղած է 15-17 աստիճան տաքութիւն, իսկ ցերեկային ժամերուն պիտի գրանցուի +29...+31 աստիճան։