Սէուտական Արաբիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին նախագահ Ճօ Պայտընի առաջադրած թեկնածուն ամենայն հաւանականութեամբ, հիասթափութիւն կամ նոյնիսկ վիրաւորանք պիտի ըլլայ գահաժառանգ արքայազն Մոհամմատ պըն Սալմանի համար, կը գրէ Insider-ը` վկայակոչելով ամերիկացի նախկին պաշտօնեան:
Պայտընը այդ պաշտօնին առաջադրած է Մայքըլ Ռեթնին, երբ անցեալ տարի Ռիատէն հեռացաւ ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութեան նախկին ղեկավար, զօրավար Ճոն Ապիզէյտը:
Առաջադրումը տեղի կ'ունենայ ամերիկա-սէուտական յարաբերութիւններու ամենաթէժ պահին, երբ Պայտընը ակնյայտօրէն հեռաւորութիւն կը պահէ այդ երկրի հետ, իսկ թագաժառանգ արքայազն Մոհամմատը, ի պատասխան, կը փորձէ պատժել զայն:
ԱՄՆ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի պաշտօնը յաճախ զբաղեցուցած են այնպիսի առաջատար դէմքեր, ինչպիսիք են Խալէտ Պըն Սալմանը` Մոհամմատի եղբայրը եւ արքայադուստր, ներկայիս դեսպան Ռիմա պինթ Պանտարը` Մոհամմատիի զարմիկը: Ռիատ նոյնպիսի մակարդակ կ'ակնկալէ: